MISSION

Quarter Tone Poets (QTP) promotes and celebrates innovative literary expression in Western Armenian by exploring the musicality of language and the linguistic possibilities discovered through music. We will specifically do this by cultivating new poetry inspired by original compositions on the oud and other Armenian folk instruments. QTP’s programming elements include:

  • Series of 7 poetry workshops

  • Print & digital poetry anthology

  • Poetry contest with cash prizes

  • Music video integrating poetry and oud music

To learn more about QTP programming elements, please explore the website.

VALUES

QTP seeks to cultivate a community that is inclusive, accessible, innovative, and enjoyable. We strive to maintain an open mind to the many ways that linguistic expression can manifest itself, and are committed to promoting authentic self-expression as an essential path toward cultural progress and evolution. Feedback is always welcome.

ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Քառորդ Ձայն Բանաստեղծներ (ՔՁԲ) կը խրախուսէ եւ կը տօնէ նորարար գրական արտայայտութիւնը արեւմտահայերէնով։ Կը պեղենք լեզուին երաժշտական բնոյթը, ինչպէս նաեւ այն լեզուական կարելիութիւնները որոնք երաժշտութեան միջոցով կը յայտնաբերուին։ Մասնաւորապէս կը մշակենք նոր բանաստեղծութիւն՝ ներշնչուած վինի (ուտի) եւ հայկական ազգագրական ուրիշ նուագարաններով ինքնատիպ յօրինումներէ։ ՔՁԲ ծրագիրը կը բովանդակէ հետեւեալ եզրերը.

  • Բանաստեղծութեան 7 աշխատանոց

  • Բանաստեղծութեան հաւաքածոյ (տպուած եւ թուային)

  • Բանաստեղծութեան մրցում (դրամական մրցանակներով)

  • Երաժշտական տեսերիզ, որ միահիւսէ բանաստեղծութիւնը եւ վինի (ուտի) երաժշտութիւնը

ՔՁԲ ծրագիրին մասին աւելի տեղեկութիւններ գտնելու համար, դիմեցէք կայքէջին։

ԱՐԺՔԷՆԵՐ

ՔՁԲ կը փափաքի ներառական, մատչելի, նորարար եւ հաճելի միջավայր մը մշակել։ Կը ձգտինք լայնամիտ կեցուածք մը ունենալ լեզուական արտայայտութեան բազմաձեւ դրսեւորումներուն հանդէպ, եւ մեր սկզբունքն է քաջալերել հարազատ ինքնարտայայտութիւն որպէս անհրաժեշտ անցք մը դէպի մշակութային յառաջդիմութիւն եւ բարեշրջում։ Թելադրանքները միշտ կ’ողջունենք։

SUPPORTERS